2011-09-17 12:20:02

ՄԱԿի Մօտ Ս. Աթոռի Մնայուն Դէտին Պատգամը` ''Ի՞նչպէս Պայքար Մղել Համաշխարհային Մարմնավաճառութեան Դէմ'' Նիւթին Մասին։


Գերապայծառ Սիլվանօ Թոմազի` մնայուն դէտը ՄԱԿին մօտ, խօսք առնելով՝ Ժընեւի մարդու իրաւունքներու 18-րդ նիստին, հաստատած է որ լաւագոյն պայքար մը մղելու համար մարմնավաճառութեան դէմ , հարկաւոր է ջանքերու համադրութիւնը։ Հարկ է մտայնութիւն մը ստեղծել կեդրոնացած ամէն անհատի եզակի արժանաւորութեան վրայ։ Դպրոցներու մէջ ջամբել ուղղամիտ ուսուցում մը, մարդու եւ կնոջ միջեւ փոխադարձ յարաբերութիւններու։ Վատիկանի դիւանագէտին գնահատումով՝ մարմնավաճառքի առեւտուրը դարձած է հզօր վաճառականութիւն մը, որուն կը մասնակցին բազմաթիւ երկիրներ։ Զոհերու թիւը տարեկան կը գերազանցէ 3 միլիոնը եւ կը բերէ աւելի քան 30 միլիար ամերիկեան տոլար։ Ի՞նչ որ նորոյթ է՝ համաշխարհականացումը այդ երեւոյթին, որ կը շահագործէ չքաւորութիւնը կիներուն եւ մանուկներուն, որոնք կ'աշխատին ազատիլ իրենց անընդունելի կացութենէն ու բռնութենէն։ Վատիկանի դէտին գնատումով հարկաւոր են դրական նախաձեռնութիւնները, պաշտպանելու՝ այն զոհերը որոնք կ'ուզեն ազատիլ շահագործումէն եւ խստիւ պատժել կաթարարները` մարմնավաճառները։








All the contents on this site are copyrighted ©.